2015-01-16 11:57:22

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Ֆիլիփինի ընտանիքներուն հետ` Ընտանիքի դէմ որեւէ սպառնալիք վտանգ մըն է նաեւ ընկերութեան համար''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 16 Յունուարի յետմիջօրէի ժամը 17,30-ին (Հռոմի ժամով 10-ին), Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Մանիլայի ընտանիքներուն հետ`''Mall of Asia Arena'' կոչուած կեդրոնի տարածքին։
Ընտանիքներու հետ հանդիպումը սկիզբ առաւ Եպիսկոպոսական դասի Ընտանիքի յանձնախումբի նախագահ` գերապայծառ Ռէյէսի բարի գալուստի խօսքով որմէ ետք տեղի ունեցան երգեցողութիւններ եւ մի քանի ընտանիքներու վկայութիւններ ինչպէս նաեւ աւետարանական ընթերցում։ Հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամ մը ուղղեց բոլոր ներկաներուն որուն մէջ հաստատեց թէ ''առանց երազներու ընտանիք մը գոյութիւն չունի եւ թէ երազները կարեւոր են ու ապագայի յոյս կը ներշնչեն''։
Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայնտեց ընտանիքներուն անոնց Յիսուսի եւ Եկեղեցւոյ մասին ցուցբերած սիրոյ վկայութեան համար ու յայտնեց թէ իր խօսքը պիտի կեդրոնացնէ Ընտանիքի պարգեւի վրայ ու յատկապէս երեք նիւթերու շուրջ` հանգչիլ Տիրոջ մէջ, վերականգնիլ Յիսուսի եւ Մարիամի հետ եւ մարգարէական ձայն մը հանդիսանալ։
Մեկնելով Աւետարանական հատուածէն ուր հրեշտակը երազի մէջ կ՛երեւնայ Յովսէփին ու անոր կը հրահանգէ` ''Ել առ մանուկն ու մայրը եւ փախիր Եգիպտոս'', Սրբազան Հայրը մատնանշեց թէ Յովսէփի հանգիստը անոր յայտնեց Աստուծոյ կամքը։ Հանգստեան պահուն է որ յաճախ Աստուած մեզի կը խօսի։ Հանգիստ ընելը անհրաժեշտ է մտքի ու մարմնի առողջութեան համար, թէեւ շատ անգամ հանգիստ ընելը դժուար կը թուի կեանքի բազմազան պատճառներու բերումով։
Հանգիստը – ըսաւ Քահանայապետը – հիմնական է նաեւ մեր հոգեւոր կեանքին համար որպէսզի կարենանք ունկնդրել Աստուծոյ ձայնը ու հասկնալ Անոր կամքը։ Ասոր համար պէտք է սորվինք հանգչիլ Տիրոջ մէջ։ Ամէն օր ժամանակ յատկացնել աղօթքին հակառակ կեանքի զբաղումներուն եւ մտահոգութիւններուն, գիտակից ըլլալով թէ եթէ մենք չ՛աղօթենք չենք կրնար հասկնալ կեանքի ամենակարեւոր բանը` Աստուծոյ կամքը մեզի համար։
Աղօթքի մէջ հանգիստը յատուկէն կարեւոր է ընտանիքներուն համար։ Ընտանիքէն ներս է որ աղօթել կը սորվինք։ Հոն է որ կը սորվինք ճանչնալ Աստուած ու Եկեղեցին, Ընտանիքին մէջ կը սորվինք սիրել, ներել ու ըլլալ առատաձեռն ու վեհանձն։ Կը սորվինք երթալ մեր կարիքներէն անդին, հանդիպելով ուրիշներուն ու մեր կեանքը բաժնեկցելով անոնց հետ։ Ասոր համար է որ ընտանիքին մէջ աղօթելը կարեւոր է եւ ասոր համար է որ Ընտանիքի այնքան կարեւոր է Աստուծոյ ծրագիրին մէջ եւ Եկեղեցւոյ համար, ըսաւ Սրբազան Հայրը ու խօսքը կեդրոնացուց երկրորդ երեւոյթին վրայ` ''վերականգնել Յիսուսի Եւ Մարիամի հետ''։ Ընտանիքին վրայ դրուած բեռերը բազմաթիւ են։ Հոս Ֆիլիփինեան կղզեխումբին մէջ բազմաթիւ են այն ընտանիքները որոնք տակաւին կը տառապին բանական աղէտի հետեւանքներէն։ Տնտեսական իրողութիւնը ընտանիքներու միջեւ ստեղծեց բաժանում որ յառաջացաւ գաղթականութեան երեւոյթէն, գործի եւ ապրուստի փնտռտուքի հետեւանքով։ Մինչ շատ մը մարդիկ կ՛ապրին ամենայետին աղքատութեան մէջ ուրիշներ հրապուրուած են նիւթականով եւ կեանքի որոշ ապրելակերպերէն որոնք կը ոչնչացնեն ընտանեկան կեանքը եւ քրիստոնէութեան բարոյական պահանջները։ Ընտանիքը ապա վտանգուած է այն անհատներու կողմէ որոնք կ՛ուզեն խեղաթիւրել ընտանեկան կառոյցը։
Աշխարհը կարիքը ունի լաւ եւ զօրեղ ընտանիքներու, յաղթահարելու համար այս վտանգներու սպառնալիքները։ Ընտանիքի վերապահուած որեւէ վտանգ սպառնալիք է նաեւ ընկերութեան։ Մարդկութեան ապագան, ինչպէս կ՛ըսէր Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբը կ՛անցնի ընտանիքէն։ Ասոր համար պաշտպանեցէք ձեր ընտանիքները։ Անոնց մէջ տեսէք ձեր ազգին գանձը ու զանոնք սնուցանեցէք աղօթքով եւ խորհուրդներու մատակարարումով, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։ Եղէք միշտ սիրոյ, ներումի եւ ուշադրութեան վկաները։ Եղէք կեանքի սրբարան, սրբացնելով ամէն մարդկային կեանք` սաղմէն մինչեւ մահ։ ''Վերականգնեցէք Յիսուս եւ Մարիամի հետ ու պատրաստ եղէք քալելու Տիրոջ մեզի ցոյց տուած ճանապարհին վրայ'' ըսաւ ապա Քահանայապետը ու հրաւիրեց քրիստոնեաները ըլլալու մարգարէական ձայն մը իրենց ապրելակերպով ու բարի օրինակով, հռչակելու համար Քրիստոսի Արքայութիւնը համայն աշխարհին։
Խօսքին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշեց Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եպիսկոպոսներուն հռչակած ''Աղքատներու Տարւոյն'' ու կոչ ուղղեց ընտանիքներուն պատրաստակամութիւն յայտնելու իրենց տնային սահմաններէն դուրս ելլելու եւ խնամք տանելու կարիքաւոր իրենց եղբայրակիցներուն, յատկապէս անոնց որոնք ընտանիք չունին, ծերերը եւ որբ մանուկները։
Մի թողուք որ իրենք զիրենք միայնակ ու մեկուսացած զգան, այլ օգնեցէք որպէսզի հասկնան թէ Աստուած զիրենք չէ մոռցած։
Սիրելի բարեկամներ ի Քրիստոս, վստահ եղէք որ ես կ՛աղօթեմ ձեզի համար։ Դուք ալ աղօթեցէք, ու ձեր աղօթքին պտուղները տարէք աշխարհին, որպէսզի ամէնքն ալ Ճանչնան Յիսուս Քրիստոսը ու անոր ողորմած սէրը։ Բարեհաճեցէք աղօթել նաեւ ինծի համար որովհետեւ պէտք ունիմ ձեր աղօթքներուն - եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը։
Ընտանիքներու հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը փոխադրուեցաւ Մանիլայի առաքելական նուիրակութիւն ուր գիշերեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.